Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ճատրակի Հայաստանի տղոց հաւաքականը չորրորդ անգամ իր պատմութեան մէջ աշխարհի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին նուաճեց պրոնզէ մետալ: «Արմէնփրես»-­ի հաղորդմամբ՝ վերջին խաղին մեր ընտրանին կը խաղար մրցաշարի յետնապահ Եգիպտոսի հաւաքականին հետ: Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը յաջողեցաւ սպիտակներով արագ յաջողութեան հասնիլ առաջին խաղատախտակին վրայ: Այնուհետեւ Հրանդ Մելքումեանը հաւասարեցաւ իր մրցակիցին չորրորդ խաղատախտակին վրայ: Գաբրիէլ Սարգսեանը սեւ խաղաքարերով նոյնպէս կրցաւ յաղթել, իսկ Սերկեյ Մովսիսեանի խաղը դեռ կը շարունակուի. հայ մարզիկին խաղին արդիւնքը պիտի չանդրադառնայ վերջնական արդիւնքին վրայ:

Ծաղկաձորի մէջ տեղի ուենցող աշխարհի խմբային առաջնութեան ախոյեան դարձաւ Չինաստանի հաւաքականը, իսկ երկրորդը՝ Ուքրանիոյ հաւաքականը: